image

Էրտողան շրջանային պատերազմի վտանգներուն ակնարկեց

Էրտողան շրջանային պատերազմի վտանգներուն ակնարկեց

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան տարածաշրջանի երկիրները զգուշացուցած է Կազայի հակամարտութիւնը տարածաշրջանային պատերազմի վերաճելու վտանգի մասին: Այս մասին ան յայտարարած է Պարսից ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի գագաթնաժողովին։

«Մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որ Կազայի վայրագութիւնները վերածուին տարածաշրջանային պատերազմի ՝ Սուրիոյ մասնակցութեամբ», -յայտարարած է Թուրքիոյ առաջնորդը:

Անոր խօսքով ՝ անհրաժեշտ է պայմաններ ստեղծել սուրիացիներու համար, որ կարենան հայրենիք վերադառնալ։