Իսրայէլը կը գործէ ոչ թէ որպէս պետութիւն, այլ որպէս կազմակերպութիւն։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։
Անոր խօսքով՝ անհամամասնական եւ չհիմնաւորուած գրոհները Կազայի հատուածի դէմ կրնան Իսրայէլը դնել «անսպասելի եւ անցանկալի վիճակի մէջ համաշխարհային հանրային կարծիքի առումով»։
«Իսրայէլը պէտք է յիշէ, որ եթէ գործէ որպէս կազմակերպութիւն, այլ ոչ թէ որպէս պետութիւն, անոր կը սկսին վերաբերիլ որպէս կազմակերպութիւն»,- նշած է Էրտողան՝ կողմերուն կոչ ընելով խուսափելու պաղեստինցի ժողովուրդը «լիակատար պատժելուն» ուղղուած «պոռթկուն որոշումներէն», ներառեալ մարդասիրական օգնութեան մատակարարումներու դադարեցումը։
Էրտողան նոյն ելոյթին մէջ ըսած է, որ Թուրքիան պիտի զօրացնէ հարուածները Սուրիոյ եւ Իրաքի քիւրտ ապստամբներու դէմ։
Նշենք, որ Թուրքիան հինգշաբթի օրուընէ կը ռմբակոծէ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան կառոյցները՝ հարուածներ հասցնելով քաղաքացիական եւ ռազմական կառոյցներուն եւ ենթակառուցվածքուն։