Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան անդրադարձած է հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացին:
«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրմամբ մեր տարածաշրջանը շատ աւելի բարեկեցիկ պայմաններ պիտի ունենայ: Մենք այս երկխօսութեան գործընթացը կ'իրականացնենք իմ եղբօր՝ Իլհամի հետ լիարժէք համակարգմամբ: Նաեւ կը հաւատամ, որ յառաջիկային մենք պիտի տեսնենք այդ շփումներու դրական արդիւնքները», -իր թուիթըրեան էջին գրած է Էրտողան:
Նա ընդգծած է, որ «Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ռազմավարական դիրք ունին Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ»։
«Մեր եղբայրութեան համահունչ՝ աւելի կը խորանայ մեր համագործակցութիւնը բոլոր բնագաւառներու մէջ՝ առեւտուրէն մինչեւ ուժանիւթ, պաշտպանական արդիւնաբերութենէն մինչեւ փոխադրութիւն», - եզրափակած է Թուրքիոյ նախագահը։