Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան լրագրողներու հետ զրոյցին «կարեւոր քայլ» անուանած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջերս Անգարա կատարած այցը, ինչպէս նաեւ դրական արտայայտուած է հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման վերաբերեալ անոր դիրքորոշման մասին: Էրտողանի խօսքերը մէջբերած է թրքական Anadolu գործակալութիւնը։
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 3 յունիսին ներկայ գտնուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութեան:
«Դրական արձագանգելով թրքական կողմի հրաւէրին՝ Փաշինեան իր երկրին մէջ բազմաթիւ խոչընդոտներ եւ ընդդիմադիր տրամադրութիւններ յաղթահարած է։ Ինծի հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ կարճ շփում ունենալու անոր հետ արարողութեան ընթացքին։ Շնորհակալութիւն յայտնեցի Թուրքիա ժամանելու համար», -ըսած է Էրտողան։
Բացի այդ, Թուրքիոյ առաջնորդը «կարեւոր» անուանած է Հայաստանի վարչապետի խօսքերը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, այդ շարքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման մասին:
«Սակայն, ինչպէս արդէն ըսեր եմ, Հայաստանի մէջ բացասական տրամադրութիւններ կան Նիկոլ Փաշինեանի դէմ։ Եւ սա շատ, շատ կարեւոր կէտ է։ Մինչեւ այսօր Փաշինեանը ետքայլ չէ ըրած», -ըսած է Էրտողանը։
Ան աւելցուցած է, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղ գործընթացի յառաջխաղացումը ծանրակշիռ ներդրում պիտի ունենայ նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին վրայ: Անոր խօսքով՝ «տարածաշրջանին մէջ, ուր շատ վիշտ եղած է, խաղաղութեան դռները բաց են», ուստի կողմերը պէտք չէ բաց թողեն այդ հնարաւորութիւնը եւ պէտք է պատասխանատու կերպով գործեն։