image

Երկիր մոլորակը նոր սպառնալիքի առջեւ

Երկիր մոլորակը  նոր սպառնալիքի առջեւ

Երկիրը կը գտնուի զանգուածային անհետացման վեցերորդ ալիքի շեմին: Նման նախազգուշացումով հանդէս եկած է Սթենֆորտի համալսարանի փրոֆեսոր Փօլ Էրլիխը։

Դեկտեմբերի վերջին Վայրի բնութեան համաշխարհային հիմնադրամը նախազգուշացուցած է, որ յառաջիկայ տասը տարուան մէջ Երկիրը կրնայ բախիլ տինասորներու անհետացումէն ի վեր ամենազանգուածային անհետացման: Կը նշուի, որ բուսական եւ կենդանական աշխարհի միլիոնաւոր տեսակներ անհետացման եզրին են:

«Զանգուածային անհետացումը քաղաքակրթութեան առջեւ ծառացած փոխկապակցուած գոյութենական սպառնալիքներէն մէկն է, միւսները կը ներառեն կլիմայի խանգարումը, համաշխարհային թունաւորումը եւ միջուկային սպառազինութիւններու մրցավազքի վերսկսումը», ըսած է Էրլիխ:

Կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքով յառաջացած ջրհեղեղները, երաշտները եւ անտառային հրդեհները կրնան նոյնքան լուրջ վնաս պատճառել մոլորակին, որքան հրաբուխի զանգուածային ժայթքումը կամ հսկայ ասթերոյտը:

«Թէեւ որոշ բանավէճեր կան նախորդ հինգ զանգուածային անհետացումներու պատճառներուն մասին, գիտական հանրութեան մէջ որեւէ խօսք չկայ շարունակուող վեցերորդի պատճառին մասին՝ մարդիկ չափազանց շատ են, եւ անոնցմէ ամենահարուստները չափազանց շատ կը սպառեն, եւ այս ամէնը կը խորանայ ցեղային եւ տնտեսական անհաւասարութեամբ», յաւելած է Էրլիխ:

Մինչ օրս Երկրի վրայ հինգ զանգուածային անհետացում եղած է: Անոնցմէ ամենայայտնին յառաջացուցած է հսկայ աստղակերպը, որ 66 միլիոն տարի առաջ ոչնչացուցած է տինասորները: Աւերածութիւնները պատմական էին, քանի որ աշխարհի տեսակներու 76 տոկոսը ոչնչացած է աստղակերպի հարուածէն եւ անոր հետեւանքներէն: