Վարորդներն այսօր` Փետրուար 7-ին հերթական բողոքի շարժումը իրականացուցած են ԱՊՊԱ վճարներու բարձրացման դէմ, որ ուժի մէջ կը մտնէ այսօրուընէ:
Անոնք հաւաքուած են Շահումեան հրապարակով, ուրկէ երթով շարժած են դէպի ապահովագրական ցրասենեակ:
Նախապէս, Յունուար 31-ին եւ Փետրուար 3-ին եւս վարորդները բողոքի շարժում իրականացւոցած էին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ եւ Կեդրոնական դրամատան շէնքին մօտ` իրենց բողոքը արտայայտելով ԱՊՊԱ վճարներու թանկացման դէմ: Անոնք իրենց ինքնաշարժներով ազդանշանները միացուցած շրջած էին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ: Ոստիկանները երկու դէպքուն ալ բերման ենթարկած էին վարորդներէն քանի մը հոգի:
Նիւթը՝ «Նիուզ.ամ»էն: