image

Երեւանի մէջ. Այսօր քաղաքապետական ընտրութիւններ են

Երեւանի մէջ. Այսօր քաղաքապետական ընտրութիւններ են

Այսօր 17 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ կը կայանան  քաղաքապետական ընտրութիւններ։ 

Երեւանի աւագանին կ'ընտրուի համամասնական ընտրակարգով՝ կուսակցութեան կամ կուսակցութիւններու դաշինքներու ընտրական ցուցակներով։  Քաղաքացիները կ'ընտրեն ոչ թէ քաղաքապետ, այլ աւագանի։ Երեւանի աւագանիիի ձայներու մեծամասնութիւնը ստացած աւագանիի առաջին համարն ալ կը դառնայ քաղաքապետ կամ ալ քաղաքապետ կ'ընտրէ աւագանին՝ կախուած ձայներու յարաբերակցութենէ։

Երեւանի աւագանին կազմուած է 65 անդամէ։

Երեւանի աւագանիի այս ընրութիւններուն կը մասնակցի 13 կուսակցութիւն եւ 1 դաշինք։

16 սեպտեմբերը «լռութեան օր» էր եւ այսօր 17 սեպտեմբերին մինչեւ ժամը 20։00 Երեւանի աւագանիի ընտրութեան քուէարկութեան աւարտը, արգիլուած է ցանկացած քարոզչութիւն։

Ընտրական օրէնսգիրք սահմանադրական օրէնքի 19-րդ  յօդուածը  կը գրէ՝ 

«Քուէարկութեան եւ դրան նախորդող օրը քարոզչութիւնը հրապարակային ելոյթների, հրապարակային միջոցառումների, ինչպէս նաեւ տպագիր մամուլի, վերգետնեայ եթերային հեռարձակում իրականացնող ռատիոընկերութիւնների եւ հեռուստաընկերութիւնների (այդ թուում` արբանեակային հեռարձակման ժամանակ) միջոցով արգելւում է»։