image

Երէկ զոհուած Ալեքս Աւաննէսեանը տան միակ զաւակն էր

 Երէկ զոհուած Ալեքս Աւաննէսեանը տան միակ զաւակն էր

Երէկ անյայտ պայմաններու տակ զոհուած հայ զինուորը  20 տարեկան էր եւ կը կոչուէր Ալեքս Սուրէն Աւաննէսեան։

 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ հայրենի լրասփիւռներէ։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ Ալեքսի ընտանիքը Հայաստան փոխադրուած էր Արցախէն եւ անոնք կայք հաստատած էին Նոր Հաճըն շրջանի Գետամէջ գիւղին մէջ։

Ըստ անոր գիւղէն հասած վկայութիւններուն Ալեքս համեստ խաւի անդամ էր եւ ան խելացի եւ յարգուած երիտասարդ էր, որ բանակ զօրակոչուած էր տարեկանին։

 Նշենք, որ երէկ եղած դէպքին հանգամանքերուն վերաբերեալ յարուցուած է քրէական գործ  եւ  ընթացք առած էր հետաքննութիւն, որուն արդիւնքով պարզուած է որ զինծառայող՝Ալեքս Աւաննէսեանը  անձնասպանութիւն գործած է։