Յուլիս 8-ին Վազգէն Սարգսեան 26 հասցէով գործող «էրեբունի» հիւրանոցային համալիրին մէջ տղամարդու դի յայտնաբերուած է:
Հայաստանի Քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Կեդրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու քննչական բաժնին մէջ քննիչ Մամեանի կողմէ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է այդ առնչութեամբ:
Ժամը 09:25-ի սահմաններուն շտապօգնութեան «կեդրոն» ենթակայանէն ահազանգած են ոստիկանութեան կեդրոնական բաժին, որ կանչով մեկնած են նշուած հիւրանոցային համալիր, որտեղ յայտնաբերած են տղամարդու դի:
Ոստիկաններն ու քննիչները¬ պարզած են, որ մահացածը Գերմանիոյ քաղաքացի` 56-ամեայ Թոմաս Ե.-ն էր:
Դատաբժիշկի նախնական եզրակացութեան համաձայն` դիակի վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած: Նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն: