Կը հրաժարինք եռամսեայ հաւաքներէն, հաւաքները կը դառնան 25-օրեայ, 7 օր կ'անցնին պատրաստութիւն, 14 օր՝ մարտական հերթապահութիւն, այն պիտի ըլլայ պարտադիր՝ ՀՀ բոլոր զինապարտ քաղաքացիներու համար։ Այս մասին կառավարութեան նիստի ժամանակ ըսած է Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան։
Ան նշած է, որ քաղաքացիները իրենք կրնան ընտրել հաւաքներու ժամանակահատուածը։
Անդրադառնալով այս հարցին՝ Փաշինեան ըսած է, որ շատ երկար ժամանակ պահեստազօրայինները պատրաստութիւն չեն անցած, որ երեւաց 2020-ի պատերազմի ժամանակ։
«Մենք տեսանք, որ եռամսեայ հաւաքները խնդրայարոյց են, որովհետեւ մարդիկ աշխատում են, եւ դրա հետ կապուած խնդիրներ են լինում։ Շեշտը դրեցինք այն մարդկանց վրայ, ովքեր աշխատանք չունեն, ինչը նաեւ սոցիալական նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ եռամսեայ հաւաքի մասնակիցները վճարւում են։ Սակայն հասկացանք, որ դա այդքան էլ արդիւնաւէտ չէ եւ հաւաքները պէտք է դարձնել մեկամսեայ եւ բոլորի համար պարտադիր»,-ըսած է Փաշինեան։
Պապիկեան աւելցուցած է, որ իրենց ուղղուած դիմումներու մէջ շատ են նաեւ կանանց կողմէ ուղարկուած դիմումները։
«ՊՆ-ն մշակուած ծրագիր ունի, որով ՀՀ իգական սեռի քաղաքացիները կարող են հերթագրուել եւ համապատասխան հրաձգարաններում անցնել մարտական զէնքից կրակային պատրաստութիւն, սա ի հարկէ ըստ ցանկութեան է»,-ըսած է Պապիկեան։