Թրամփ հարցազրոյց տուած է Daily Caller-ին, որուն ընթացքին ներկայացուցած է Ուքրանիոյ օգնելու ծրագիր եւ կասկածներ յայտնած է Փութինի եւ Զելենսքիի միջեւ հանդիպման հնարաւորութեան վերաբերեալ։
«Կրնայ տեղի ունենալ եռակողմ հանդիպում, սակայն երկկողմ՝ չեմ գիտեր»,- նշած է Թրամփ։
«Խաղահրապարակին մէջ 2 երեխայ կը կռուին, անոնք կ'ատեն զիրար։ Կ'ուզես, որ դադրեցնեն, բայց կը շարունակեն կռուիլ»,- ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը։