image
Հրատապ լուրեր:

ԵՄ-ն որոշած է ռուսական սառեցուած աւանդներէն եկամուտի 90%-ն ուղղել Ուքրանիոյ ռազմական կարիքներուն. Շոլց

ԵՄ-ն որոշած է ռուսական սառեցուած աւանդներէն եկամուտի 90%-ն ուղղել Ուքրանիոյ ռազմական կարիքներուն. Շոլց

Եւրոպական Միութեան երկիրները համաձայնութեան եկած են ռուսական սառեցուած աւանդներէն ստացուած եկամուտներու օգտագործման հարցով, յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը։ Անոր խօսքով՝ Եւրոպական Միութեան անդամները համաձայն են, որ ամբողջ շահոյթի 90%-ն ուղղուի Ուքրանիոյ ռազմական կարիքներուն։

«Եւրոպայի մէջ մենք համաձայնութիւն ունինք, որ կ՚ուզենք օգտագործել ռուսական սառեցուած աւանդներէն ստացուած չնախատեսուած եկամուտը: Սա զգալի գումար է՝ տարեկան քանի մը միլիառի չափով։ Այնտեղ մենք նաեւ համաձայնութեան եկանք, որ այժմ վերջնական տեսքի կը բերուի, որ մենք նոյնպէս կ՚ուզենք այդ միջոցներու մօտ 90%-ն օգտագործել Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նպատակներու համար»,-ըսած է Շոլցը:

Եւրոպական Միութիւնը եւ G7-ը սկսած են քննարկել ռուսական սառեցուած աւանդներու օգտագործման հարցը 2022 թուականին Ուքրանիա ռուսական զօրքերու մուտքէն գրեթէ անմիջապէս ետք: Ի սկզբանէ Եւրոմիութիւնը կը նախատեսէր այդ միջոցներն օգտագործել ուքրանական ենթակառուցուածքներու վերականգնման համար։ Այնուամենայնիւ, 2024 թուականի փետրուարին Եւրոյանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն առաջարկած է օգտագործել ստացուած շահոյթը զէնք գնելու համար։