image

ԵՄ-ն կը խուսափի Թուրքիոյ հետ երկխօսութենէն. Չաւուշօղլու

ԵՄ-ն կը խուսափի Թուրքիոյ հետ երկխօսութենէն. Չաւուշօղլու

Եւրոմիութիւնը արհեստականօրէն կը ձգձգէ Թուրքիոյ հետ վիզային ռեժիմի ազատականացման եւ նորացուած Մաքսային միութեան ստեղծման հարցերու լուծումը, կը պնդէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն։

Թրքական դիւանագիտութեան ղեկավարին խօսքով՝ այս երկու հարցերով Պրիւքսէլի մէջ կը խուսափին երկխօսութենէն։

«Մենք կատարած ենք ԵՄ կողմէ յառաջ քաշուող պահանջներուն մեծ մասը։ Եւրոպացիները, սակայն, ժամանակ կը շահին՝ հնարաւորինս յետաձգելով հարցին լուծումը։ Անոնց հիմնական հաշուարկը նախապէս Թուրքիոյ տրուած խոստումներէն հրաժարիլն է», կը պնդէ Չաւուշօղլուն։