image

ԵՄ-ն կ'աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան. Պորել

ԵՄ-ն կ'աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան. Պորել

Եւրոմիութեան անվտանգութեան քաղաքականութեան եւ արտաքին հարցերով գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել յայտնած է, որ ԵՄ-ն կ'աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած քայլերուն: 

«Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին, մենք կոչ կ'ընենք կողմերուն պահպանելու հրադադարը: Եւրոմիութիւնը պատրաստ է աջակցելու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի աշխատանքներուն՝ ուղղուած խաղաղութեան հաստատման», նշած է եւրոպացի գործիչը: