image
Հրատապ լուրեր:

ԵՄ մտահոգ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան աճով. Քլաար

ԵՄ մտահոգ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան աճով. Քլաար

Եւրոպական Միութիւնը մտահոգուած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան աճի կապակցութեամբ: Այդ մասին Twitter-ի իր էջին գրած է Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը:

«Մտահոգուած ենք վերջին օրերուն Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան աճի կապակցութեամբ: Եւրոպական միութիւնը յանձնառու է՝ խորացնելու մասնակցութիւնը խաղաղութեան գործընթացին: Մենք ներգրաւուած ենք քանի մը մակարդակով: Կարեւոր է նուազեցնել լարուածութիւնը եւ բաց չթողել պատերազմի՝ տասնամեակներու էջը շրջելու պատմական հնարաւորութիւնը»,- գրած է պաշտօնեան: