Եւրոմիութեան խորհուրդի անվտանգութեան եւ քաղաքական հարցերու յանձնաժողովի անդամները ապրիլ 8-ին պիտի ժամանեն Հարաւային Կովկաս:
Տարածաշրջանային այցի ընթացքին անոնք պիտի այցելեն Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան։
Հայաստանի մէջ նախատեսուած են հանդիպումներ Երեւանի մէջ եւ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գրասենեակէն ներս։
Այցի նպատակն է պատկերացում կազմել տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու եւ հայ-ատրպէյճանական խաղաղ գործընթացի մասին։