Մեծն Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին գահաժառանգին` Ուելզի արքայազն Չարլզին, փոխանցած է իր պարտականութիւններուն մէկ մասը:
Աւելի քան 10 տարուան ընթացքում առաջին անգամ զգալի փոփոխութիւններ կատարուած են միապետի պաշտօնական պարտականութիւններու ցանկին մէջ, որ հրապարակած է Պեքինկհամեան պալատը: Նախապէս այն կը ներառէր պարտականութիւններու 13 կէտէ բաղկացած ցանկ, որ կը ներառէր վարչապետի պաշտօնական նշանակում, մասնակցութիւն խորհրդարանի նոր նստաշրջաններու բացման, պետական այցեր եւ նման այցերով Միացեալ Թագաւորութիւն այցելած այլ պետութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներ:
Այժմ փաստաթուղթը կը պարունակէ միայն ընդհանուր ձեւակերպում, ըստ որուն` թագուհին ունի «շարք մը խորհրդարանական եւ դիւանագիտական պարտականութիւններ»:
Մայիսին 73-ամեայ արքայազն Չարլզը խորհրդարանի նիստի բացման ժամանակ առաջին անգամ փոխարինած է Էլիզապէթ Երկրորդին` անոր անունով ելոյթ ունենալով ուղերձով: Թագուհին 59 տարուայ մէջ առաջին անգամ չէ մասնակցած այս արարողութեան:
96-ամեայ թագուհին վերջին շրջանին կը բողոքէ մէջքի ցաւէ եւ տեղաշարժման հետ խնդիրներ ունի: