Փարիզն Ուքրանիոյ մինչեւ այս տարուան վերջ Mirage 2000 կործանիչներ պիտի փոխանցէ՝ յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահը, սակայն չէ մանրամասնած՝ քանի ինքնաթիռի մասին է խօսքը:
Էմանուէլ Մաքրոն նշած է նաեւ, որ ֆրանսական կողմը նաեւ ուքրանացի օդաչուներու համար վերապատրաստում պիտի իրականացնէ, որ վերջիններս կարենան օգտուիլ ռազմական ինքնաթիռներէ: Ուսուցումը պիտի անցնի Ֆրանսայի մէջ եւ պիտի տեւէ 5-6 ամիս։ Մաքրոն աւելցուցած է, որ պատրաստ են եւս 4500 ուքրանացի զինուոր վերապատրաստելու: Ան նաեւ վերահաստատած է, որ Ուքրանիոյ տարածքին մէջ ֆրանսացի ռազմական մարզիչներ չկան եւ յառաջիկային ալ պիտի չըլլան։
Մաքրոն հաստատած է, որ Ուքրանիան իրաւունք ունի ֆրանսական զէնքով համարժէք հարուածներ հասցնելու Ռուսիոյ տարածքին, բայց՝ ոչ խաղաղ բնակչութեան:
Ֆրանսայի նախագահը, միաժամանակ, համոզմունք յայտնած է, որ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութիւն պէտք է հաստատուի բանակցութիւններու միջոցով, սակայն, անոր խօսքով, «պահը դեռ չէ հասունցած, քանի որ Ռուսիան կը շարունակէ յարձակումները»։