Էջմիածին քաղաքի Թամանեան փողոցի տուներէն մէկուն մէջ վարձակալը դանակահարած է տան սեփականատէրերը եւ օգնութեան հասած հարեւանը: Այս մասին 8 Օգոստոսի 2021-ին` ժամը 06:35-ի սահմաններուն, ՀՀ ոստիկանութեան Վաղարշապատի բաժին ահազանգած է քաղաքացի մը, կը տեղեկացնէ ՔԿ-ն:
Ոստիկանութիւնը պարզած է, որ նոյն օրը՝ ժամը 06:35-ի սահմաններուն, Էջմիածին քաղաքի Թամանեան փողոցի տուներէն մէկուն մէջ վարձակալական հիմունքներով բնակող անձը, նոյն տան սեփականատիրոջ եւ վերջինիս կնոջ դիտաւորութեամբ սպանելու նպատակով, խոհանոցային դանակներով անկանոն հարուածներ հասցուցած է անոնց մարմնի տարբեր հատուածներուն: Աղմուկը լսելով օգնութեան շտապած է հարեւանը, որուն եւս վարձակալը դանակահարած է: Այնուհետեւ վարձակալը փորձած է դիմել փախուստի, սակայն դէպքի վայր ժամանած ոստիկանութեան աշխատակիցներու կողմէ յայտնաբերուած եւ բերման ենթարկուած է:
Ստացած վնասվածքներու հետեւանքով տան սեփականատէրը մահացած է, իսկ անոր կինն ու հարեւանը, մարմնական վնասուածքներով, տեղափոխուած են բժշկական կեդրոն:
Դէպքի առթիւ ՀՀ քննչական կոմիտէի Արմաւիրի մարզային քննչական վարչութեան Վաղարշապատի քննչական բաժնէն ներս յարուցուած է քրէական գործ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 34-104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտի յատկանիշներով:
Ենթադրեալ յանցագործութիւն կատարած անձը ձերբակալուած է՝ վերը նկարագրուած յանցագործութիւնը կատարելու կասկածանքով:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: