image

Եգիպտոս կը դիմադրէ...

Եգիպտոս կը դիմադրէ...

Գարնան շրջանէն Միացեալ Նահանգները կը փորձէ հասնիլ անոր, որ Եգիպտոսը սկսի զէնք մատակարարել Ուքրանիոյ, սակայն Գահիրէն չենթարկուիր ճնշումներուն։ Այս մասին գրած է The Wall Street Journal-ը։

Ըստ թերթի տեղեկութիւններու՝ ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթըն առաջին անգամ դիմած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթահ Սիսիին՝ խնդրելով ուքրանիոյ հրետանային արկեր, հակաթանկային հրթիռներ, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ու փոքր զինատեսակներ փոխանցել դեռ այս տարուան մարտին, սակայն յստակ պատասխան չէ ստացած։

Աւելի ուշ Եգիպտոսի վարչակազմի անդամները մասնաւոր զրոյցներուն յայտնած են, որ Քիեւին զէնք մատակարարելու մասին ծրագրեր չկան։

ԱՄՆ-ի եւ Եգիպտոսի ներկայացուցիչները Wall Street Journal-ին չեն հաստատած այդ հարցով բանակցութիւններու մասին տեղեկութիւնը։

Աւելի վաղ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընն ըսած էր, որ զէնքի պաշարները, որոնք իր երկիրը կրնայ մատակարարել Ուքրանիոյ, առաջին հերթին՝ հրետանային արկերը, սպառած են։ Ուստի, ըստ Սպիտակ տան ղեկավարի, որոշուած է ողկուզային զինամթերք փոխանցել Քիեւին։