image
Հրատապ լուրեր:

Եգիպտոս խզած է Ուքրանիայէն 240 հազար թոն ցորենի գնման պայմանագրերը

Եգիպտոս խզած է Ուքրանիայէն 240 հազար թոն ցորենի գնման պայմանագրերը

Եգիպտոս խզած է Ուքրանիայէն 2021 թուականի դեկտեմբերին գնուած 240 հազար թոն ցորենի գնման պայմանագրերը։ Այս մասին յայտնած է Reuters գործակալութիւնը՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն։

Կը հաղորդուի, որ Եգիպտոսի ապրանքներու մատակարարման գլխաւոր վարչութիւնը (GASC) մատակարարող Nibulon եւ Inerco ընկերութիւնները «ազատած» է պայմանագրային պարտաւորութիւններէն։

Գործակալութեան տուեալներով՝ Եգիպտոսի իշխանութիւնները հացահատիկը գնած են նախորդ տարուայ Դեկտեմբերին՝ մէկ թոնի դիմաց վճարելով 346-360 տոլար, սակայն Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակի պատճառով ամրագրուած պատուէրը չէ մատակարարուած։