Օրերս արաբական ընկերային հարթակներով տարածուած է եգիպտացի հանրայայտ դերասան, կատակերգակ՝ Ատէլ Իմամի նոր առնուած լուսանկարը, խորհրդական՝ Ամիր Ռամզիի հետ միասին:
Նշենք, որ Ամիր Ռամզին եղբայրն է դերասան՝ Հանի Ռամզիի։
Իմամի խորհրդականներէն համարուող ՝ Ամիր Ռամզի անդրադառնալով Իմամի առողջական վիճակին հանգստացուցած է երկրպագուները եւ հերքած է վերջին շրջանին անոր վատառողջ ըլլալու մասին լուրերը: Ան լուսանկարին կից գրած է ,- «Աստուած ձեզի առողջութիւն տայ, ուսուցիչ»։
Նշենք, որ տարածուած վերջին լուսանկարին մէջ 82 տարեկան «Ալ Զաիմ»՝ (բառը օգտագործուած է, որպէս մեծ կամ առաջնորդ) Ատէլ Իմամը, լաւ վիճակի մէջ կ'երեւի ու կը ծիծաղի իր իւրայատուկ ժպիտով, ինչ որ կը ժխտէ հակասական լուրերը անոր առողջական վիճակի վատթարացման մասին:
Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի