Հալէպահայ լրագրող՝ Յովհաննէս Շէիրեանի դիմատետրի էջէն իմացանք, որ Սուրիոյ Իտլիպ շրջանի Եագուպիէ գիւղին մէջ, վերջերս, թրքական աջակցութիւնը վայելող զինեալներ, հայկական Սուրբ Աննա եկեղեցին յանձնած են տեղւոյն քրիստոնեայ համայնքի ներկայացուցիչներէն մէկուն։
Եկեղեցին պղծուած էր պատերազմի օրերուն, ու շրջանին վրայ իրենց տիրապետութիւնը տարածած հրոսակախումբեր զայն վերածած էին հիւրանոցի, ապա տան։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ գիւղին քրիստոնեայ բնակիչները կրցած են վերականգնել եկեղեցին։
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբին, գիւղը գրաւուած էր ահաբեկիչ զինեալներու կողմէ, եւ ամբողջապէս դատարկուած՝ հայ բնակիչներէն։ Նախքան պատերազմը, Եագուպիէի բնակիչները մեծ մասամբ հայեր եւ լատիններ էին։ Հոն գոյութիւն ունի երկու հայկական եկեղեցի՝ Սուրբ Աննա եւ Սուրբ Հռիփսիմէ։ Ինչպէս նաեւ կայ հայկական գերեզմանատուն եւ դպրոց։
Լուրը համադրաբար ՝«Արեւելք»ի