image

Ձերբակալուած է Գառնիկ Իսագուլեանը

Ձերբակալուած է  Գառնիկ Իսագուլեանը

ՀՀ քննչական կոմիտէի, յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան շրջանակներուն մէջ  իրականացուած են քննչական եւ դատավարական այլ ծաւալուն գործողութիւններ, «Ազգային անվտանգութիւն» կուսակցութեան նախագահ՝ Գառնիկ Իսագուլեանի նկատմամբ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութեան շրջանակներու մէջ շարք մը հանգամանքներ պարզելու ուղղութեամբ:

Փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են այն մասին, որ 2021 թուականի Սեպտեմբեր 20-ին կայացած ասուլիսի ընթացքին՝ Գ.Ի.-ն, գիտակցելով, որ իր կողմէն տրամադրուող տեղեկատուութիւնը կեղծ է, յայտնած է չկատարուած յանցագործութեան մասին:

Մասնաւորապէս, հարցազրոյցի ընթացքին՝ Գ.Ի.-ն յայտնած է, թէ, իբր Ուքրանիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը ուսումնասիրուած եւ հաւաքագրուած է թրքական եւ ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւններու կողմէ, ինչպէս նաեւ 2008 թուականէն յետոյ կը համագործակցի յիշեալ ծառայութիւններու եւ տուեալ ազգերու ներկայացուցիչներուն հետ, որուն վերաբերեալ ինքը՝ Գ.Ի.-ն կասկածներ չունի։ Ըստ Գ.Ի.-ի յայտարարութեան Ուքրանիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը բանակցութիւններ վարած է Ուքրանիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպանին հետ, որուն որպէս արդիւնք՝ որոշուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը Պաթումի քաղաքի մէջ պէտք է հանդիպի Թուրքիոյ նախագահի ներկայացուցիչներուն հետ, որպէսզի վերջինէն գումար խնդրէ, քանի որ ՀՀ պիւտճէի գումարը վերջացած է եւ չեն կրնար թոշակները վճարել. այդ կերպ՝ հայ դիւանագէտին յանիրաւի մեղադրելով առանձնապէս ծանր յանցագործութիւն կատարելու մէջ։

Վերը նկարագրուած յանցաւոր արարքի կատարման համար ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 333-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտով Գ.Ի.-ն ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ:

Նոյն օրը, զինք ձերբակալելու մասին որոշում կայացուած է:

Աւելցնենք, որ Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի վարոյթի ծիրէն ներս քննուող քրէական գործով Գ.Ի.-ն արդէն իսկ կը մեղադրուի նոյնական եւ համասեռ՝ ՀՀ Վարչապետի, նախկին եւ ներկայ շարք մը պաշտօնատար անձերու եւ հասարակական գործիչներու (1-ին դրուագ), ՀՀ քննչական կոմիտէի ներկայիս նախագահի (2-րդ դրուագ), Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղարի (3-րդ դրուագ) սուտ մատնութիւն կատարելու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ ՀՀ Վարչապետի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչեր հնչեցնելու համար (մէկ դրուագ) նախատեսուած յանցաւոր արարքներ կատարելու մէջ: