image

Ձայնդ դեռ ականջներուս մէջ է... սիրելի Մամա

 Ձայնդ դեռ ականջներուս  մէջ է... սիրելի Մամա

 Սաղիմահայ գրող՝  Անուշ  Նագգաշեան  կը գրէ՝ 

Սիրելի Մամա, 

Արդէն երկրորդ տարին է, որ տարեդարձդ առանց քեզի կը նշեմ…

Որքան իրար կ՚անցնէի սիրած ծաղիկներդ նուիրելու… Իւրաքանչիւրիս Տարեդարձը տօն էր մեզի համար, որովհետեւ մեզի սորվեցուցած էիք շնորհակալ ըլլալ մեզի պարգեւուած կեանքին համար… 

Ամէն առտու երբ Սուրբ Յակոբի գմբէթներուն դիմաց կ՚աղօթեմ՝ դէմքդ կը տեսնեմ, դուն ալ երկինքէն կ՚աղօթես ինծի համար… Ապահով կը զգամ։ 

Երեք օր առաջ Սուրբ   Աստուածամօր  տօնին առթիւ Պատարագ  էր, ամէն տարի այս տօնին մեր գերդաստանի բոլոր հին ու նոր ննջեցեալներուն համար հոգեհանգիստ կ՚ընէիր, ես կը շարունակեմ այդ, բայց որքան շատցած է բանակը վերը։ Երիտասարդ մահեր ալ ունեցանք վերջին տարիներուն։

Աստուածամօր պատկերին քու դէմքդ գծուած էր կարծես՝ անուշ, շա՜տ անուշ ժպիտովդ… Ես մանուկ էի նորէն, որ իւրաքանչիւր շարժումիս ՄԱՄԱ պիտի ըսէի… Պիտի հարցնէի, քեզի վազէի… Դէմքս շոյէիր եւ հանգստութիւն պարգեւէիր։

Անշուշտ գիտես թէ ինչ սուրբ գործով զբաղած եմ՝ Հայոց Լեզու եւ Գրականութիւն դասաւանդելով, այդ ժառանգական է մեր ընտանիքին մէջ… Եւ ամէն առտու տունէն չելած հայելիին մէջէն դարձեալ կը նայիս ինծի, զննողական հայեացքովդ, որ յանկարծ փէշս քիչ մը կարճ չ՚ըլլայ, թեւերս բաց չ՚ըլլան, տաբատս նեղ չ՚ըլլայ… «Հմայքը՝ խօսքիդ, դասաւանդելուդ մէջ պիտի ըլլայ, ուսուցչութիւնը մայրութեան չափ սրբութիւն է» կ՚ըսէիր…  Ձայնդ ականջներուս մէջ է… Անշուշտ, այդ իմ ալ համոզումս է… Երբեմն կը գանգատէի բայց այնքան կարօտցած եմ իւրաքանչիւր շարժումիս հետեւելուդ, արդէն շատո՜նց ընկերուհիներ էինք, բայց դուն մի՛շտ ուսուցչուհին էիր, որովհետեւ միշտ փոքրիկ աղջիկդ ձգեցիր ինծի… Եւ ես գոհ էի…։