image
Հրատապ լուրեր:

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան՝ ԹՄՄ-ի Ամերիկայի եւ Գանատայի շրջանի ատենապետ

Դոկտ.  Արշաւիր Կէօնճեան՝ ԹՄՄ-ի Ամերիկայի եւ Գանատայի  շրջանի ատենապետ


ԹՄՄ-ի՝ Ամերիկայի եւ Գանատայի վարչութիւնը իր անրդրանիկ նիստին,  միաձայնութեամբ կազմեց իր դիւանը։

«Արեւելք» այս մասին իմացաւ ԹՄՄ-ի հրապարակած հաղորդագրութիւնէն։ 

Շաբաթներ առաջ իր մահկանացուն կնքեց  Ամերիկահայ   քաջահամբաւ մտաւորական եւ   ազգային նուիրեալ գործիչ՝ Երուանդ Ազատեան։

Ազատեան  բազմաթիւ պաշտօններու կողքին  վերջին  ժամանակներուն կը վարէր  Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ )   Ամերիկայի եւ Գանատայի  շրջանի ատենապետի  պաշտօնը։

Վերջինիս շիջումով, ԹՄՄ-ը կազմեց նոր  ժողով, որու աւարտին ալ յայտարարուեցաւ նոր ատենապետի՝  Դոկտ.  Արշաւիր Կէօնճեանի  անունը։

Մեծագոյն յաջողութիւններ եւ   երկարակեաց   օրեր կը մաղթենք  ԹՄՄ-ի  նոր ատենապետին  ու ստորեւ  մեր ընթերցողներուն կը  ներկայացնենք  այդ առթիւ հրապարակուած  հաղորդագրութիւնը։

Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնը Մայիս 16-ին ունեցաւ իր լիակատար նիստը, յետ նորոգ հանգուցեալ, իր երկարամեայ ատենապետին, որ պատահեցաւ Մարտ 25-ին։ Վարչութիւնը իր անդրանիկ նիստին միաձայնութեամբ կազմեց իր դիւանը հետեւեալ կազմով՝

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան՝ ատենապետ, Գէորգ Մարաշլեան՝ փոխ ատենապետ, Յակոբ Վարդիվառեան՝ ատենադպիր, Միհրան Թումաճեան՝  փոխ ատենադպիր, Մարօ Պետրոսեան՝ գանձապահ, Արա Չօլաքեան՝ փոխ գանձապահ եւ անդամներ՝ Հրաչ Թորիկեան, Արթօ-Պերճ Մանուկեան, Միհրան Մինասեան, Հիլտա Յարութիւնեան, Գարլ Պարտաքեան, Վաչէ Սեմերճեան։

Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը աշխարհատարած՝ բարեսիրական, մշակութային եւ կրթական հաստատութիւն մըն է, ընդհանրապէս ազգային կեանքէն ներս սերմանելով հայ գրականութիւնը, հրատարակչութիւնը, երաժշտութիւնը, արուեստը, թատրոնը եւ այլ մշակութային շարժումներ։ Հիմնուած է 1947-ին,  Լիբանանի մէջ եւ մկրտուած է անմահանուն բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի անունով։

Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ ծնունդ առած է 1969-ին, Մեսեչուսէց նահանգին մէջ եւ արձանագրուած է որպէս տրազերծ կազմակերպութիւն, Ուոթըրթաունը ունենալով իր կեդրոնատեղին։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կապուիլ tcadirector@aol.com կամ հեռաձայնել՝ 617-924-44551 ։