Ռուսիոյ դէմ Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներու նոր փաթեթը, ինչպէս եւ բոլոր նախորդները, աւելի մեծ վնաս կը հասցնէ Եւրոմիութեան։
Այս մասին ըսուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի յայտարարութեան մէջ՝ կապուած Եւրոպական Միութեան գագաթնաժողովի աւարտի հետ։
«Անհեթեթութեան կը հասնի, երբ զեղծարարութիւններու միջոցով՝ սեղանի շուրջ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու այս կամ այն ղեկավարներու բացակայութեան պայմաններուն մէջ, կ՚ընդունուին իրաւական տեսանկիւնէ կասկածելի եւ ակնյայտօրէն քաղաքականացուած որոշումներ. ոչ միայն տարրական չափանիշերուն չհամապատասխանող, այլ ուղղակիօրէն հակասող Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի հետ կանխակալ բանակցութիւններ սկսելու մասին, Ռուսիոյ դէմ միակողմանի սահմանափակող միջոցներու հերթական պատժամիջոցի մասին, որոնք, ինչպէս եւ բոլոր նախորդները, աւելի մեծ վնաս կը հասցնեն Եւրոմիութեան,- ուշադրութիւն հրաւիրած է դիւանագէտը։
Ան նաեւ նշած է, որ եւրոպական երկիրներու բնակչութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ վճարել «Եւրոպական Միութեան առճակատման քաղաքականութեան, Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի վերաբերեալ պատեհապաշտ որոշումներու հետեւանքներու բարձր գինը»:
Զախարովայի խօսքով ՝ միանգամայն բնական կը թուի, որ այս լոյսին տակ եւրոպական երկիրներուն մէջ ամէնապատասխանատու քաղաքական գործիչները երթալով աւելի յաճախ առաջնային կը համարեն ազգային շահերը։