Հայց. Առաքելական եկեղեցին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը նաեւ Գանատայի մէջ։ Օրերս եւ ըստ Գանատայի թեմի դիմատետրեան էջին տասնեակ պատանիներ օրհնութեամբը թեմակալ առաջնորդին ստացած են դպիտի կոչում։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ ուրախառիթ օրուան մանրամասնութիւնները։
Ուրբաթ, 24 Մարտ 2023-ը յիշատակելի օր մը եղաւ Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համայնքին համար: Արդարեւ, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Վանգուվըրի համայնքին տուած իր այցելութեան առիթով, նախագահեց Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութեանց, եւ աւարտին 29 Դպիրներու եւ 3 կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն կատարեց։
Ձեռնադրութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց օրուան պատգամը՝ փառք տալով Աստուծոյ այս շնորհազարդ օրուան առթիւ։ Ան շնորհաւորեց նոր ձեռնադրեալ դպիրներն ու կիսասարկաւագները, մաղթելով իրենց բեղուն ծառայութիւն, խոնարհութեամբ, սիրով ու հնազանդութեամբ լեցուն։ Սրբազան Հայրը ողջունեց գաղութի զաւակները եւ դրուատեց եկեղեցւոյ գործունէութիւնը ու տարուած աշխատանքները։
Խօսելով եկեղեցւոյ ծխական կեանքին մէջ ծառայութեան կարեւորութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ Յիսուս իր առաքելութեան ընթացքին ծառայեց սիրով, խոնարհութեամբ ու կարեկցութեամբ, շատ յաճախ ըլլալով աղքատին, հիւանդին ու անօգնականին հետ, ուստի բոլորս հրաւիրուած ենք այսպիսի ծառայութիւն մատուցելու։