Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կանչած է Իսրայէլի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպան Անաթոլի Վիքտորովին` անկէ պարզաբանումներ պահանջելու Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան վերաբերեալ:
Լաւրով մասնաւորապէս ըսած էր. «Ան (Զելենսքին) յառաջ կը քաշէ հետեւեալ փաստարկը. «Ի՞նչ նացիզմ կրնայ մեր մօտ ըլլալ, երբ ես հրեայ եմ»: Ես, եթէ ճիշդ կը յիշեմ, վախնամ սխալիմ, բայց կարծես թէ Հիթլերը եւս հրէական արիւն ունէր: Այդ բացարձակապէս ոչինչ կը նշանակէ: Եւ մենք վաղուց լսած ենք, որ իմաստուն հրեայ ժողովուրդը կ'ըսէ, որ ամենամոլի հակասեմականները սովորաբար հրեաներն են: Ինչպէս կ'ըսեն` գիւղ չկայ, որ շուն չըլլայ»:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եաիր Լափիտ ըսած է, որ «Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի յայտարարութիւնները ոչ միայն աններելի են եւ զայրացուցիչ, այլեւ՝ սարսափելի պատմական սխալ: Հրեաները իրենց չեն սպաննած Հոլոքոսթի ժամանակ: Հրեաները հակասեմականութեան համար մեղադրելը հրեաներու նկատմամբ ցեղապաշտութեան ամենացած մակարդակն է»:
Բացի այդ, Լաւրովի խօսքերը հրապարակաւ քննադատած են Իսրայէլի կապի նախարար Եոազ Հենտելը, տնտեսութեան փոխնախարար Եաիր Կոլանը, ընկերային ապահովութեան նախարար Մէիր Քոհենը, Քնեսեթի օրէնսդրութեան յանձնաժողովի նախագահ Կիլատ Քարիւը, Եատ Վաշեմի յուշահամալիրի նախագահ Տանի Տայանը, Համաշխարհային սիոնիստական կազմակերպութիւնը: