Երեւանի մէջ, Դեկտեմբեր 22-ին, կողոպուտ տեղի ունեցած է. ժամը 22։40-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Շէնգաւիթի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ Հրանդ Վարդանեան փողոցին վրայ «Կրանտ Քէնտի» գործարանէն մեծ չափի գումար յափշտակած են։
Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ նոյն օրը, ժամը 22։00-22։30-ի ժամանակահատուածին անյայտ անձեր, դէմքերնին բժշկական դիմակով փակած, մտած են գործարանի գանձապահի աշխատասենեակ եւ այնտեղէն յափշտակած են մեծ չափի գումար, ապա դիմած են փախուստի։
Ըստ տեղեկութիւններուն՝ հաշուապահութենէն յափշտակուած է մօտ 15 միլիոն դրամ։