«Դիմադրութեան» շարժման մասնակիցները եւ քաղաքացիները փակած են Երեւան-Սեւան ճանապարհը:
Անոնք կը վանկարկեն` «առանց Նիկոլ Հայաստան», «Նիկոլ դաւաճան»:
Քիչ անց ժամանեցին ոստիկանները եւ սկսան ուժ կիրառելով հեռացնել ցուցարարները ճանապարհէն: Քաղաքացիներէն մէկը պառկած էր գետնին, որուն եւս ոստիկանները կը փորձէին հեռացնել: