AMAA-ի Հայաստանի պաշտօնական էջէն կը կարդանք․
Անցնող 25ին Նոյեմբերի դեսպան Նարեկ Մկրտչեան հանդիպում ունեցած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) Խորհուրդի նախագահ Կարի Ֆիլիփսի հետ։
Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է կազմակերպութեան՝ Հայաստանի մէջ երկարամեայ մարդասիրական, կրթական եւ համայնքային ծրագիրներուն համար։
Քննարկուած են յետագայ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։