Պոլսահայ քաղաքական գործիչ Մուրատ Մըխճի իր դվիթերեան էջով գրառում մը կատարած է վերջին օրերուն Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած դրութեան մասին։
Ան մասնաւորապէս գրած է « Դեռ ասկէ աւելի ինչ սրբութիւն»...։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ երկրաշարժէն ետք ստեղծուած վիճակին հետեւանքով տասնեակ եկեղեցիներ եւ մզկիթներ դարձած են ապաստանարան բոլոր անոնց համար, որոնք կորսնցուցած են իրենց բնակարանները։
Լուսանկարին մէջ Մերսինի Յունաց եկեղեցին է, ուր հարիւրէ աւելի քաղաքացիներ կը գիշերէն կորսնցուցած ըլլալով իրենց տուները։