image

Դէպի եւրոպական երկիրներ վիզային ռեժիմի ազատականացման հարցի քննարկումները՝ յառաջիկայ ապրիլին 

Դէպի եւրոպական երկիրներ վիզային ռեժիմի ազատականացման հարցի քննարկումները՝ յառաջիկայ ապրիլին 

Հայաստանի քաղաքացիներու համար Եւրոմիութեան վիզաներու ազատականացման շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պարոյր Յովհաննիսեանը՝ Ազգային Ժողովի եւրոպական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի արտահերթ նիստին։

Ան յիշեցուցած է, որ բանակցութիւնները մեկնարկած էին 2024-ի դեկտեմբերին, որու ընթացքին տեղի ունեցած են Եւրոմիութեան համապատասխան պատուիրակութեան հետ աշխուժ բանակցութիւններ։

«Յաջորդ փուլը նախատեսւում է 2025 թուականի ապրիլի 7-11-ը, երբ կը գայ երկրորդ պատուիրակութիւնը։ Մենք բաւականին լաւ ենք պատրաստուել այս գործընթացին, տարբեր գերատեսչութիւններում մեր գործընկերները պատշաճ նախապատրաստուած են։ Եւ անգամ եւրոպացի գործընկերները հաճելիօրէն զարմացած են մեր պատրաստուածութեան մակարդակից»,–նշած է փոխնախարարը։

Պարոյր Յովհաննիսեանի խօսքով՝ չնայած գործընթացն աշխուժ փուլի մէջ է, այս պահուն հնարաւոր չէ նշել յստակ ժամկէտ, թէ երբ այն կ՚աւարտի։

«Եւրամիութեան գործընկերները միշտ խուսափում են վերջնաժամկէտներ նշել։ Այստեղ կարող ենք դիտարկել այլ երկրների փորձը, որտեղ նման գործընթացները տեւել են 3-ից 6 տարի։ Բայց, կարծում եմ, Հայաստանի պարագայում այդ գործընթացը առաւել արագ կ՚անցնի, քան մի շարք այլ երկրների դէպքում։ Եւ այս հարցը մենք շարունակում ենք պահել մեր օրակարգում»,- եզրափակած է Յովհաննիսեանը։

Եւրոպական Միութեան խորհուրդը 2024 թուականի յուլիսին Հայաստանի քաղաքացիներու համար վիզաներու ազատականացման շուրջ Հայաստանի հետ երկխօսութիւն սկսելու որոշում կայացուցած էր։  Հայաստանը եւ Եւրոպական միութիւնը 2025 թուականի սեպտեմբեր 9-ին յայտարարած են ՀՀ քաղաքացիներու համար Եւրոմիութեան վիզաներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկի մասին։  2025 թուականի փետրուարին վիզաներու ազատականացման գործընթացի շրջածիրէն ներս Հայաստան ժամանած էր Եւրոպական Միութեան փորձագիտական առաքելութիւնը։