image

«Դաւաճան, հողատու...» Լարուած իրավիճակ «Հիլթոն» հիւրանոցին դիմաց

  «Դաւաճան, հողատու...» Լարուած իրավիճակ «Հիլթոն» հիւրանոցին դիմաց

Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ քիչ առաջ լարուած իրավիճակ տիրած է։

 Կիպրոսի ՀՅԴ անդամներ  բողոքի ձայն բարձրացուցած են Ալէն Սիմոնեանի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան Կիպրոս կատարած այցին դէմ։

Բողոքի ձայն բարձրացնողները  «Դաւաճան, հողատու ...» բառերը վանկարկելով պահանջած են  պատուիրակութեան արագ հեռացումը Կիպրոսէն։

Աւելի ուշ անոնց մօտեցած է խորհրդարանի անդամ՝ Բաբգէն Թունեան, որ փորձած է երկխօսութեան մէջ մտնել բողոքաւորներուն հետ, որոնք դարձեալ ընդդիմացած են եւ պահանջած, որ Ալէն Սիմոնեան մօտենայ իրենց։

Նշենք նաեւ, որ բողոքի  հաւաքին ընթացքին շրջան հասած են ոստիկանութեան ուժեր իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահելու նպատակով։ 

 Նշենք նաեւ, որ  Կիպրոս գտնուող  պատուիրակութիւնը առ ի հետեւանք եղած ճնշումներուն ցարդ չէ կարողացած հանդիպում ունենալ գաղութային մակարդակի որեւէ կառոյցի կամ ներկայացուցչական մարմնի հետ։