image
Հրատապ լուրեր:

Դատարանը մերժած է Վագիֆ Խաչատրեանի բողոքը. ան պիտի մնայ կալանքի տակ

Դատարանը մերժած է Վագիֆ Խաչատրեանի բողոքը. ան պիտի մնայ կալանքի տակ

Պաքուի դատարանը մերժած է անցեալ տարուան ամռան Լաչինի միջանցքէն ապօրինաբար առեւանգուած եւ Պաքուի մէջ կալանաւորուած Վագիֆ Խաչատրեանի բողոքը. ան նախապէս դատապարտուած է 15 տարուան ազատազրկման`1991-ի դեկտեմբեր 22-ին այժմ բռնագրաւուած Արցախի Մեշալի գիւղին մէջ իբրեւ թէ «ատրպէյճանցիներու ցեղասպանութիւն» իրականացնելու համար:

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ փաստաբան Ռատմիլա Ապիլովան միջնորդած է արդարացնել իր պաշտպանեալը, որ չէ ընդունած մեղքը։

Յունուար 15-ի դատավճիռին մէջ նշուած է, որ Վագիֆ Խաչատրեանը պատիժի առաջին 5 տարին պէտք է կրէ բանտի մէջ, իսկ մնացածը՝ խիստ ռեժիմի ուղղիչ հիմնարկի մէջ։

Յիշեցնենք, որ նոյեմբեր 7-ին Պաքուի մէջ շինծու գործով 15 տարուան ազատազրկման դատապարտուած Խաչատրեանը բոլոր նիստերուն պնդած է, որ անմեղ է: