image

Դատարանը մեղաւոր ճանչցած է Վանաձորի նախկին քաղաքապետը

Դատարանը մեղաւոր  ճանչցած է Վանաձորի նախկին քաղաքապետը

Վանաձորի նախկին քաղաքապետ Մամիկոն Ասլանեանը մեղաւոր ճանչցուած է եւ ազատազրկուած՝ 4 տարի 4 ամիս ժամկէտով։

Հաշուակցելով Ասլանեանի՝ կալանքի տակ անցուցած ժամկէտը, դատարանը անոր դատապարտած է 1 տարի 9 ամիս ժամկէտով ազատազրկման։ Նաեւ նշանակուած է 500 հազար դրամի տուգանք։ Ասլանեանը 3 տարի ժամկէտով զրկուած է պաշտօն զբաղցնելու հնարաւորութենէն։

Մամիկոն Ասլանեանը կը մեղադրուի պաշտօնավարման տարիներուն կեղծ փաստաթուղթեր կազմելու միջոցով Վանաձորի հողերն օտարելու համար։ Մեղադրանք առաջադրուած է նաեւ անոր երկու ենթականերուն՝ իրաւաբանին ու համայնքի գլխաւոր ճարտարապետին։