image
Հրատապ լուրեր:

Դամասկոսի մէջ. ՀԿՄ-ի Տիկնանց պատուիրակութիւն մը այցելած է Հայ Կաթողիկէ նորանշանակ Առաջնորդին

 Դամասկոսի մէջ. ՀԿՄ-ի Տիկնանց պատուիրակութիւն մը այցելած է Հայ Կաթողիկէ նորանշանակ Առաջնորդին

Օրերս  Դամասկոսի հայ Կաթողիկէ նորանշանակ Առաջնորդ Գերպ. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան առաջնորդարանի յարկին տակ ընդունած է ՀԿՄ-ի Դամասկոսի Տիկնանց մասնաճիւղի պատուիրակութիւն մը։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ՀԿՄ-ի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Երեքշաբթի 26 սեպտեմբեր 2023-ին, Դամասկոսի ՀԿՄ-ի Տիկնանց վարչութեան անդամուհիները այցելեցին համայնքիս նորանշանակ առաջնորդ Արհի.Տ. Գէորգ եպս. Ասատուրեանին, շնորհաւորելու Գերապայծառ Տէրը ու բարի գալուստ մաղթելու համար: Հանդիպումը անցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ ու առիթ հանդիսացաւ ծանօթացման ու ապագայի ծրագիրներու մասին խորհրդածելու: Գերապայծառ Տէրը իր գնահատանքը ու օրհնութիւնը տուաւ վարչութեան անդամուհիներու ու յայտնեց իր պատրաստակամութիւնը օժանդակելու Տիկնանցի ծրագիրներուն ու ձեռնարկերուն յաջողութեան:Այս առիթով տիկինները պատրաստած էին կարկանդակ մը, որ հատուեցաւ ձեռամբ Գերապայծառ Տիրոջ ու Գեր. Հ. Գէորգ վարդապետին: