image

Դամասկոսի մէջ. Ահարոնեան ակումբի վարչութիւնն ու յարակից միութիւնները շնորհաւորական այց տուին համայնքի ժողովրդապետին

Դամասկոսի մէջ. Ահարոնեան ակումբի վարչութիւնն ու յարակից միութիւնները շնորհաւորական այց տուին համայնքի ժողովրդապետին

Օրերս Դամասկոսի Ահարոնեան ակումբի վարչութիւնն ու կեդրոնի մէջ գործող միութիւններու մասնաճիւղերու վարչութիւնները շնորհաւորական այց տուած են Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ժողովրդապետ Գերպ. Տէր Գէորգ Ծրգ. Վրդ. Պահէեանի՝ Ծայրագոյն Վարդապետական կոչում ստանալուն առթիւ ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Դամասկոսի Աւետիս Ահարոնեան Կեդրոնի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Շաբաթ  11/5/2024 - ին երեկոյեան  "Ահարոնեան" կեդրոնի վարչութիւնը, ընկերակցութեամբ կեդրոնի մէջ գործող միութիւններու ` Ս.Օ.Խաչի "Էրեբունի " , Համազգայինի "Լ.Շանթ"  , Հ.Մ.Ը.Մ-ի , Ս.Ե.Մ "Դրօշակ"  , Ս.Պ.Մ"Ռոստոմ" մասնաճիւղերու վարչութեանց եւ Ազգ.Միացեալ ճեմարանի հոգաբարձութեան , շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ժողովրդապետ Գերպ. Տէր Գէորգ Ծրգ.Վրդ.Պահէեանի Ծայրագոյն Վարդապետակն կոչում ստանալուն առթիւ ։

Հանդիպումը իր ներկայութեամբ պատուեց Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Արհի.Տէր Գէորգ Եպս.Ասատուրեանը։

Միութիւններու ներկայացուցիչները ջերմապէս ընդունուեցան Գերապայծառ Տիրոջ եւ գեր. Վարդապետին կողմէ։

Այցելութիւնը ընթացաւ ջերմ եւ մտերմիկ մթոլորտի մէջ ։ Ընկ. Արմէն Ուրֆալեան "Ահարոնեան" կեդրոնի եւ միութիւններու անունով ջերմօրէն շնորհաւորեց Հայր Սուրբը Ծայրագոյն Վարդապետական կոչում ստանալուն ուրախ առիթով մաղթելով Անոր արեւշատ օրեր , աստուածահաճոյ առաքելութիւն եւ արդիւնաւէտ ծառայութիւն ի բարգաւաճումն Հայ Կաթողիկէ համայնքին։ 

Ապա , յանուն միութիւններուն Հայր Սուրբին յանձնեց  յուշանուէր`հայկական ասեղնագործութեամբ գեղեցիկ ափսէ մը "Վանի գործ" ։

Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց միութիւններու ներկայացուցիչներուն իրենց  ջերմ այցելութեան համար, մաղթելով յաջողութիւն բոլորին։

Իր կարգին ,Գերապայծառ Տէրը իր օրհնութիւնները փոխանցեց բարեյաջող գործունէութիւն մաղթելով միութիւններուն։