image

Covid-19-ին «օժանդակող» գործօնը ապականած օդն է

Covid-19-ին «օժանդակող» գործօնը ապականած օդն է

Օդի աղտոտուածութեան բարձր մակարդակ ունեցող շրջաններու մէջ բնակող մարդիկ COVID-19-ով աւելի յաճախ կը տեղափոխուին հիւանդանոց: Բրիտանացի հետազօտողները նման անսպասելի եզրակացութեան եկած են Մեծ Լոնտոնի վարչակազմի պատուէրով պատրաստուած զեկոյցին մէջ: 

Լոնտոնի կայսերական քոլեճի գիտնականները վերլուծած են 34 ուսումնասիրութիւններու տուեալները՝ պարզելու օդի որակի եւ COVID-19-ի ու թոքերու այլ հիւանդութիւններու միջեւ կապը: Պարզուած է, որ օդի աղտոտուածութեան երկարատեւ ազդեցութիւնը կապուած է «Քորոնա» ժահրային վարակի բարձր վտանգի հետ:

Գիտնականները նաեւ պարզած են, որ օդի աղտոտուածութիւնը կը ծանրացնէ COVID-19-ի ընթացքը: Սա, մասնագէտներու կարծիքով, կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ օդի վատ որակի եւ թոքերու ու սիրտի հիւանդութիւններու միջեւ կապով: Հետազօտութեան հեղինակները կարողացած են ցոյց տալ օդի բարձր աղտոտուածութիւն ունեցող շրջաններու մէջ բնակութեան եւ COVID-19-ով վարակուած մարդոց հիւանդանոց տեղափոխման միջեւ կապը: