image

«Չկայ արեւելք, չկայ ուրեմն արեւմուտք». Ապտըլ Լահեանէն դիպուկ խօսք

«Չկայ  արեւելք, չկայ ուրեմն արեւմուտք». Ապտըլ Լահեանէն դիպուկ խօսք

Թեհրանի 13-րդ վարչակազմը կը ձգտի հաւասարակշռութիւն պահպանել Արեւելքի եւ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ՝ ընդգծելով, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը իր արտաքին քաղաքական բոլոր հարցերը պիտի չկապէ Չինաստանի եւ Ռուսաստանի հետ, մինչդեռ առաջնահերթութիւն պիտի տայ Ասիա ուղղուած արտաքին քաղաքականութեան:

 

Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեան ընդգծած է, որ Իսլամական Հանրապետութեան դիւանագիտական համակարգը երկրի եւ Իրանի ժողովուրդին ճակատագիրը պիտի չկապէ 2015 թուականի միջուկային համաձայնագրի կամ որեւէ օտար պետութեան հետ, քանի որ փոխգործակցութեան չափանիշ կը համարուին ընդհանուր շահերը։

Իրանցի բարձրաստիճան դիւանագէտը յայտնած է, որ Թեհրանը ստեղծած է վեհ մեխանիզմ՝ հետամուտ ըլլալու տարածաշրջանային համագործակցութեան կարգախօսի իրականացման՝ յաւելելով, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը պիտի կանգնի Միացեալ Նահանգներու իրանատեաց քարոզչական արշաւին դէմ։

Ան շարունակած է՝ ըսելով, որ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի վարչակազմը նախանշած է արտաքին քաղաքականութեան որոշ հիմնաբառեր, այդ շարքին՝ հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն, ինչպէս նաեւ աշխոյժ, խելացի եւ ուժաբանական դիւանագիտութիւն:

Իսլամական Հանրապետութիւնը կը կարեւորէ հարեւան պետութիւններու եւ Ասիոյ երկիրներու հետ յարաբերութիւնները, ըսած է ան՝ յաւելելով, որ Թեհրանը ուժաբանական դիւանագիտություն պիտի վարէ Եւրոպայի հարցով՝ ընդգծելով, որ Լատինական Ամերիկան եւ Ափրիկէն չեն մոռցուիր։

Ինչ կը վերաբերի հաւասարակշռութեան, ապա ան նշած է, որ Թեհրանի 13-րդ վարչակազմը կը ձգտի հաւասարակշռութիւն պահպանել Արեւելքի եւ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ՝ ընդգծելով, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը իր արտաքին քաղաքական բոլոր հարցերը պիտի չկապէ Չինաստանի եւ Ռուսաստանի հետ, մինչդեռ առաջնահերթութիւն պիտի տայ Ասիա ուղղուած արտաքին քաղաքականութեան:

Իսլամական Հանրապետութիւնը անկախութիւնը պահպանելու հարցով հաւատարիմ է իր «Չկայ Արեւելք, չկայ՝ Արեւմուտք» կարգախօսին, երբ խօսքը կը վերաբերի արտաքին ուժերու հետ գործ ունենալուն, նշած է ան: