image

Չինաստանէն կոչ. Ճանչնանք բոլոր պատուաստները

Չինաստանէն կոչ. Ճանչնանք բոլոր պատուաստները

Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը, որ Հռոմի մէջ տեղի ունեցող Մեծ քսանեակի (G20) գագաթաժողովին միացած է տեսակապի միջոցով, հանդէս եկած է «Քովիտ»ի դէմ պատուաստի հարցով համաշխարհային համագործակցութեան նախաձեռնութեամբ: 

Մասնաւորապէս, Ծինփինը կոչ ըրած է առաջ մղելու պատուաստի փոխադարձ ճանաչումը՝ հիմնուելով Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան արտակարգ կիրառման պատուաստներու ցուցակին վրայ:

«Պէտք է արդար մօտեցում ցուցաբերել տարատեսակ պատուաստներուն նկատմամբ», ըսած է Ծինփին:

Չինաստանի ղեկավարը Մեծ քսանեակի երկիրներուն կոչ ըրած է հաւատարիմ մնալու փոխհամագործակցութեան, թափանցիկութեան ու բազմակողմանիութեան սկզբունքներուն: