image

Առկայ պատուաստները յարմարցնել «Օմիքրոն» տեսակին դէմ. ԱՀԿ

Առկայ պատուաստները յարմարցնել «Օմիքրոն» տեսակին դէմ. ԱՀԿ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) «Քորոնա»ի դէմ պատուաստանիւթեր ստեղծող եւ արտադրող ընկերութիւններուն կոչ ըրած է հաշուի առնել «Օմիքրոն» տեսակի հանգամանքը եւ մշակել պատուաստներ, որոնք մարդու օրկանիզմը պէտք է պաշտպանեն անկէ:

«Խորհուրդ կու տանք արդէն նախապատրաստուիլ, ծրագրել այսօր առկայ պատուաստները լրամշակելու հնարաւորութիւնը, պէտք չէ ուշացնել, չհասցնենք այն բանին, որ հնչէ տագնապի վերջին զանգը», ըսած է ԱՀԿ խօսնակ Քրիսթիան Լինտմայըրը:

Այսօրուայ դրութեամբ «Քորոնա»ի տեսակներէն աւելի վտանգաւոր եւ գերակայող տարբերակը «Տելթա»ն կը մնայ: