image
Հրատապ լուրեր:

Չինաստանէն կոչ՝ «Հեռացէ՚ք Ուքրանիայէն»

Չինաստանէն կոչ՝ «Հեռացէ՚ք  Ուքրանիայէն»

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրած է իր երկրի քաղաքացիներուն`լքելու Ուքրանիոյ տարածքը, յայտնած է չինական Global Times-ը՝ Twitter-ի էջին։

Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան քաղաքացիներուն, որոնք կը գտնուին Ուքրանիոյ մէջ, կոչ կ'ընենք զօրացնելու նախազգուշական միջոցները եւ դուրս գալու երկրէն. դեսպանատունը պատրաստ է օգնութիւն ցուցաբերելու, ըսուած է զեկոյցին մէջ։

Շաբթուան սկիզբը Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւնն արդէն կոչ ըրած է համաքաղաքացիներուն չմնալու Ուքրանիոյ տարածքին՝ բացառապէս խիստ անհրաժեշտութեան պարագային, եւ ժամանակին լքելու այն։

Միաժամանակ, երկիրը լքելու կոչ ըրած է ԱՄՆ դեսպանատունը։