image

«Չենք պատրաստուիր ընկրկիլ դժուարութիւններու առջեւ». Ռուբէն Վարդանեան

«Չենք պատրաստուիր ընկրկիլ դժուարութիւններու առջեւ». Ռուբէն Վարդանեան

Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան այսօր ըսած է, որ թէեւ Արցախի մէջ մեծ է մարդասիրական ճգնաժամի վտանգը, սակայն ոչ ոք կը պատրաստուի ընկրկելու դժուարութիւններու առջեւ:

Պետական նախարարի աշխատակազմէն յայտնած են, որ Ռուբէն Վարդանեան ընդլայնուած կազմով խորհրդակցութիւն հրաւիրած է՝ հանրապետական գործադիր մարմիններու ղեկավար կազմի, Ստեփանակերտի քաղաքապետի եւ վարչական շրջաններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ:

Ան նշած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հետ կապող ճանապարհի արգելափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը բաւականին բարդ է, սակայն առկայ խնդիրները հնարաւոր է լուծել կազմակերպուած ու համակարգուած աշխատանքի միջոցով:

«Ստեղծուած բարդ իրավիճակը համախմբում է պահանջում. միակ ճանապարհը միասնութիւնն է: Միայն միասին թիկունք թիկունքի կանգնելով է հնարաւոր այս ճգնաժամը յաղթահարել»,-ըսած է Ռուբէն Վարդանեան: