image

Չեխիա տպագրուող «Օրեր» ամսագիրը 25 տարեկան. Միջոցառում՝ Երեւանի մէջ 

Չեխիա տպագրուող «Օրեր» ամսագիրը 25 տարեկան. Միջոցառում՝ Երեւանի մէջ 

Օրերս, Երեւանի Թէքէեան մշակութային կեդրոնի մէջ նշուած է 25-ամեակը՝ համաեւրոպական «Օրեր» ամսագրի, որ եռամսեայ դրութեամբ լոյս կը տեսնէ Փրակի մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։

Ստորեւ լրատւութիւնը՝

«Օրեր» համաեւրոպական ամսագիրը եռամսեայ դրութեամբ լոյս կը տեսնէ Փրակի մէջ, միաժամանակ համացանցի վրայ օրը օրին կը հրատարակէ կարեւոր լուրեր։ Երէկ այս ամսագրի 25ամեակը հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Երեւանի Թէքէեան մշակութային կեդրոնի մէջ։

Ամսագրի համահիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան ըսաւ որ 1999ին, իր կնոջ՝ Աննա Կարապետեանի հետ միասին լոյս ընծայեցին այս հրատարակութիւնը, նպատակ ունենալով արեւելահայերէնով պարբերական մամուլ մը ստեղծել Եւրոպա գաղթած հայաստանցիներու համար։

Ելոյթ ունեցողները, իրենց շնորհաւորական խօսքը արտասանելու հետ միասին, ընդգծեցին որ «Օրեր»ը կրցած է պահպանել վստահութիւնը խօսքի, գրչի ու տպագիր մամուլի հանդէպ։ Յակոբ Ասատրեանի ու Աննա Կարապետեանի ջանքերով, ամսագիրը կրցած է պահպանել Հայաստան-Սփիւռք կապերը, նպաստել ազգային ինքնութեան, հայապահպանութեան կարեւոր գործին։