Գործարար, Reddit կայքի եւ «Initialized Capital» ընկերութեան հիմնադիր Ալեքսիս Օհանեանը մեծ հօրը շնորհաւորած է ծննդեան օրուան առիթով: Ճոն Օհանեանը 100 տարեկան դարձած է։ Թենիսիստուհի Սերենա Ուիլիըմզի ամուսինը հրապարակումը կատարած է իր ինսթակրամեան էջով։
«Յունուար 12-ին մեծ հայրս 100 տարեկան դարձած է, եւ երջանկութիւն էր մէկ տեղ հաւաքել Օհանեաններու չորս սերունդ։ Յաջորդ օրը տունը ընթրելու հայկական ճաշատեսակներ ընտրած էինք, եւ մեծ հայրս մեզ կը զուարճացնէր պատմութիւններով, ինչպէս օրինակ՝ վիճակախաղին ինքնաշարժ շահիլը (որ նոյն պահուն վաճառած է քոլէճի համար վճարելու նպատակով) կամ կամաւոր մասնակցութիւնը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին։ Անոնց սերունդի ներկայացուցիչները կը տարբերուին, եւ ես շնորհակալ եմ անոնց զոհաբերութիւններուն համար։
Մեծ հայրս՝ Ճոն Օհանեանը, փախստականներու որդի է, որոնք վերապրած են Հայոց ցեղասպանութենէն որբացած ու կեանքը զերոյէն սկսած է ԱՄՆ-ի մէջ։ Անոր որդին փոքրիկ զբօսաշրջութեան գործակալութիւն բացած է (թոշակի անցած է այս տարի), իսկ անոր թոռը ստեղծած է Reddit-ը, եւ ով գիտէ, թէ ինչ բարձունքներու պիտի հասնի անոր ծոռնուհին», ընտանեկան լուսանկարը մակագրած է Օհանեանը։