image

Բոլոր տեղահանուածներուն պէտք է տրուի Ղարաբաղ արժանապատիւ եւ ապահով վերադարձի հնարաւորութիւն. Միաթովիչ

Բոլոր տեղահանուածներուն պէտք է տրուի Ղարաբաղ արժանապատիւ եւ ապահով վերադարձի հնարաւորութիւն. Միաթովիչ

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է իրենց խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ ուշադրութիւն դարձնեն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան խիստ երաշխիքներ սահմանեն հակամարտութենէն տուժած բոլոր անձանց համար», -ըսած է Եւրոպայի խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միաթովիչը:

Ան հրապարակած է իր դիտարկումները 2023 թուականի հոկտեմբեր 16-էն 23-ը Հայաստան եւ Ատրպէյճան, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղ կատարած այցէն ետք: Նշուած է, որ սա տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամն էր, որ նման իրաւապաշտպան առաքելութիւնը կրցաւ այցելել Ղարաբաղի տարածաշրջան: Այցի պատճառը սեպտեմբերի վերջը Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումի հետեւանքով քանի մը օրուան ընթացքին Հայաստան փախած աւելի քան 101,000 արցախահայու զանգուածային տեղահանումն էր:

Ստեփանակերտէն բնակչութեան հեռանալէն ետք յանձնակատարը ականատես եղած էր դատարկ փողոցներու, լքուած տարածքներու եւ քաղաքացիական անձանց ներկայութեան գրեթէ լիակատար բացակայութեան։

Իր լսածի եւ տեսածի հիման վրայ յանձնակատարը եզրակացուցած է, որ 2023 թուականի սեպտեմբերի վերջը Լեռնային Ղարաբաղի հայերը լքած են իրենց տուները՝ առանց որեւէ կողմի որեւէ յուսալի անվտանգութեան կամ պաշտպանութեան երաշխիքներու, եւ որ անոնց համար տուներէն հեռանալը միակ հասանելի եւ խելամիտ տարբերակն էր, նշուած է զեկոյցին մէջ։

Անոր կարծիքով՝ Հայաստան փախած արցախցիներուն եւ, մասնաւորապէս, խոցելի խումբերու պատկանողներուն, պէտք է երաշխաւորուի անյապաղ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ բոլոր անհրաժեշտ աջակցութեան հասանելիութիւնը:

«Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրները պէտք է կեդրոնանան ֆինանսական աջակցութեան վրայ՝ ապահովելու, որ տեղահանուած անձանց եւ զանոնք ընդունող բնակչութեան մարդասիրական կարիքները լիովին բաւարարուին», - աւելցուցած է յանձնակատարը:

Յանձնակատարն ընդգծած է, որ տեղահանուած արցախցիներուն պէտք է տրուի արժանապատիւ եւ ապահով վերադարձի հնարաւորութիւն, նոյնիսկ եթէ այդ ենթադրական կը թուի այս պահուն, ներառեալ ճկուն լուծումներ գտնելու միջոցով, մասնաւորապէս՝ կապուած անոնց քաղաքացիութեան եւ իրաւական կարգավիճակի հետ:

Ըստ Միաթովիչի՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պարտաւոր են ապահովել, որ Ղարաբաղի հայերու թողած գոյքը պաշտպանուած ըլլայ թալանէ, գողութենէ կամ տիրացումէ:

Այն սակաւաթիւ էթնիք հայերը, որոնք մնացած են Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ, նոյնպէս պէտք է օգտուին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան բոլոր միջոցներէն, այդ շարքին՝ անոնց ազատ տեղաշարժի ապահովման միջոցով, ըսուած է զեկոյցին մէջ։

Ողջունելով Ատրպէյճանի կառավարութեան քայլերը՝ նպաստելու ներքին տեղահանուածներու վերադարձը Ղարաբաղի տարածաշրջան՝ յանձնակատարը յոյս յայտնած է, որ բոլոր ներքին տեղահանուածները, որոնք կ՚ուզեն, կը կարողանան հնարաւորինս արագ անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադառնալ։