image

Բերձորէն եւ Աղաւնոյէն 20 ընտանիք հաստատուած է Սիւնիքի մէջ. Փոխմարզպետ

Բերձորէն եւ Աղաւնոյէն 20 ընտանիք հաստատուած է Սիւնիքի մէջ. Փոխմարզպետ

Բերձորէն եւ Աղաւնոյէն Սիւնիքի մարզ 20 ընտանիք հաստատուած է։ Տեղեկութիւնը «Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է Սիւնիքի մարզպետի տեղակալ Նարէ Ղազարեանը։

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ երեք բնակավայրերու՝ Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Ներքին Սուսի բնակիչները ստիպուած են մինչեւ 25 օգոստոսը լքել իրենց տուները։

«Մեծամասնութիւնը կացարաններով ապահովուած են, բայց մի քանի ընտանիք էլ չի կողմնորոշւում որտեղ բնակութիւն հաստատել` Գորիսո՞ւմ, թէ՞ Սիսիանում։ Բայց մօտ օրերս էլ նրանք էլ արդէն որոշում կը կայացնեն եւ վերջնական պատկերը կ'ունենանք»,-ըսած է Ղազարեան։

Սիւնիքի մէջ հաստատուածներու հետ Ղազարեանն ամենօրեայ կապի մէջ է` արցախցիներն այս պահուն որեւէ խնդրի մասին չեն ահազանգած, քանի որ կը փորձեն տեղաւորուիլ։ Փոխմարզպետը յայտնած է, որ յաջորդ շաբաթ պէտք է սկսին այցելել Սիւնիքի մէջ տեղաւորուած արցախցիներուն, որպէսզի գնահատեն անոնց կարիքները։