Արտակ Բեգլարեան, Արցախի Հանրապետութեան պետական պախարարը, 25 Հոկտեմբերին մամլոյ ասուլիս մը տուաւ Արցախի ներկայ վիճակին եւ մօտակայ ու հեռակայ ծրագիրներուն մասին, Իրանահայ Միութեան կեդրոնին մէջ, Կլէնտէյլ: Ելոյթը ինչպէս նաեւ ներքոյ նշուած միջոցառումը կազմակերպուած էր Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Համահայկական Խորհուրդին (ԱՄՆՀԽ) կողմէ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Զաւէն Խանճեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան վարիչ տնօրէն եւ գլխաւոր գործադիր, իսկ ասուլիսը վարեց իրաւաբան Կարօ Ղազարեան: Պրն. Բեգլարեանի կ՛ընկերակցէր իր գլխաւոր խորհրդականը՝ Դաւիթ Յակոբեան: Մամլոյ ասուլիսի աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը մամլոյ ներկայացուցիչներու եւ յատուկ հրաւիրեալներու համար, ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելոսի Հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Պայպուրթեան, Կլէնտէյլի ոստիկանապետ Քարլ Փովիլայթիս ու ընկերակցող բարձրաստիճան ոստիկաններ եւ այլ յարգելի անձնաւորութիւններ: Մտերմիկ մթնոլորտին մէջ եղան բաժակաճառեր ի նպաստ Արցախի: Օրուայ հանրային միջոցարումը տեղի ունեցաւ Իրանահայ Միութեան կեդրոնի գլխաւոր սրահին մէջ, ներկայութեամբ շուրջ 200 ազգայիններու:
Բացման խօսքը կատարեց Դոկտ. Վահրամ Շէմմասսեան, վարիչը Քալիֆորնիոյ Նահանգային Համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի Հայագիտական Ուսման Ծրագրի: Եղաւ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներու ունկնդրութիւն, որմէ ետք ներկաները յոտնկայս յարգեցին Արցախեան պատերազմի նահատակներու յիշատակը: Ապա, Լենա Պոզոյեան, ԱՄՆՀԽ-ի այժմու ատենապետուհին, սոյն կազմակերպութեան պատգամը փոխանցեց, վստահեցնելով անոր ամբողջական նեցուկը Արցախին: Իր կարգին, իրաւաբան Կարօ Ղազարեան ներկայացուց հիւր խօսողը յատուկ ոճով եւ բովանդակութեամբ, մէջբերելով իր (Ղազարեանի) դստեր մէկ նամակէն առնուած հարազատ ապրումներ Արցախի այցելութենէն տպաւորուած:
Պետական նախարար Բեգլարեան ժամ մը տեւող սպառիչ տեղեկութիւններ փոխանցեց Արցախի անվտանգութեան, ժողովրդագրութեան, կրթութեան, առողջապահական կարիքներու, տնտեսական զարգացման եւ լաւ կառավարման մասին: Ան կոչ ուղղեց իւրաքանչիւր հայու իր ներդրումը ունենալ Արցախի մէջ, ըլլայ մասնագիտական թէ նիւթական եւ այլ մարզերու մէջ: Գործնական այդ հայրենասիրութեամբ է, որ Արցախը կրնայ յառաջդիմել ու հզօրանալ, իրագործելով միջազգային ճանացում: Իր խօսքի վերջաւորութեան, ան հանգամանօրէն պատասխանեց ներկաներու գրաւոր հարցումներուն: Իբրեւ Արցախի Մարդկային Իրաւունքներու Պաշտպան, Բեգլարեան կարեւոր դեր ունեցած է 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի մասին կարեւոր տեղեկագիրներ պատրաստելու գործին մէջ: Պատերազմէն առաջ, ան ուսումնասիրած էր Արցախի ժողովուրդին սահմանադրական իրաւունքներն ու ազատութիւնը եւ ըրած բարեկարգումի համապատասխան առաջարկներ: Ան նաեւ զբաղեցուցած է զանազան այլ պետական բարձրաստիճան պաշտօններ, ինչպէս նաեւ դասախօսած է քաղաքական գիտութեանց առարկաներ Արցախի պետական համալսարանէն ներս: Դպրոցական տարիներուն, Բեգլարեան իր ամառները անցուցած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Ստեփանակերտի ճամբարին մէջ, ուր իր ստացած քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եղած է հիմնաքարը իր հանրային ծառայութեան նուիրումին: Բեգլարեան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է զանազան համալսարաններու մէջ, որոնցմէ գլխաւորներէն եղած են University College of London եւ Fletcher School of Law and Diplomacy, Tufts University, Պոսթոն, մասնագիտանալով քաղաքական գիտութեանց, դիւանագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութեանց մէջ:
Մեծապէս գնահատելով նախարար Բեգլարեանի ներկայութիւնը գաղութիս մէջ ու անոր զեկոյցը, Լենա Պոզոյեան ըսաւ. “Իսկապէս մեզի համար պատիւ է հիւրընկալել այսպիսի կարող, խոհուն ու գործունեայ պետական անձնաւորութիւն մը: Մենք միշտ պիտի կանգնինք իր աշխատանքներուն կողքին ի նպաստ Արցախի բարօրութեան”: Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Համահայկական Խորհուրդը հիմնուած է 2019-ին, Պըրպէնք, Քալիֆորնիա, մէկտեղումովը շրջանիս հայկական գլխաւոր կազմակերպութիւններուն: Ներկայիս ան կը բաղկանայ 25 կազմակերպութիւններէ եւ հաստատութիւններէ: Անոր նպատակն է հայ համայնքի ընդհանրական շահերը պաշտպանել: